ՄԵԿ ՔԱՂԱՔ ԵՐԿՈՒ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ -I- / ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ: Եղիա Աքկիւն
ՄԵԿ ՔԱՂԱՔ ԵՐԿՈՒ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ-I-
առաջին բանաստեղծութիւն;
Օրհան Վելի Քանըք/ՍՏԱՆՊՈԻԼԸ ԿԸ ԼՍԵՄ
թարգմանեց: Սեւան Տեյիրմենճեան
ՍՏԱՆՊՈՒԼԸ ԿԸ ԼՍԵՄ
Ստանպուլը կը լսեմ, աչքերս փակ.
Թեթեւ հով մը կը փչէ նախ,
Կամաց կամաց կը շարժին
Տերեւները, ծառերուն վրայ։
Հեռուներէն, շատ հեռուներէն
Ջրկիրներու բոժոժները անդադար.
Ստանպուլը կը լսեմ, աչքերս փակ։
Ստանպուլը կը լսեմ, աչքերս փակ.
Թռչուններ կ՚անցնին, մինչ այդ,
Բարձրերէն, երամ-երամ, կարկաչ առ կարկաչ.
Ուռկաններ կը քաշուին տալիաններէն*,
Ջուրին կը հպին ոտքերը կնոջ մը,
Ստանպուլը կը լսեմ, աչքերս փակ։
Ստանպուլը կը լսեմ, աչքերս փակ.
Զովասուն Գոց շուկան,
Կայտառ Մահմուտ-փաշան,
Բակերը՝ լեցուն աղաւնիով։
Մուրճի ձայներ կը հասնին նաւարաններէն,
Քրտինքի բոյրեր՝ գարնանային զեփիւռին մէջ,
Ստանպուլը կը լսեմ, աչքերս փակ։
*Ծովուն վրայ ձկնորսութեան համար շինուած տնակ։
Ստանպուլը կը լսեմ, աչքերս փակ.
Հին դարերու գինովութիւնը գլխին,
Եալը* մը՝ մթագին նաւատուներով՝
Մէջը հանդարտած քամիներու ոռնոցը,
Ստանպուլը կը լսեմ, աչքերս փակ։
Ստանպուլը կը լսեմ, աչքերս փակ,
Աղիճ մը կը քալէ մայթին վրայ՝
Յիշոցներ, երգեր, խաղեր, սիրահետում։
Բան մը գետին կ՚իյնայ ձեռքէն՝
Թերեւս վարդ մը.
Ստանպուլը կը լսեմ, աչքերս փակ։
Ստանպուլը կը լսեմ, աչքերս փակ,
Փէշերուդ մէջ թռչուն մը կը մաքառի.
Ճակատդ տա՞ք է, թէ ոչ՝ գիտեմ։
Շրթունքներդ թա՞ց են, թէ ոչ՝ գիտեմ։
Սպիտակ լուսին մը կը ծագի խնկենիի ետին
Կը հասկնամ սրտի բաբախումէդ,
Ստանպուլը կը լսեմ։
*Ծովափնեայ ապարանք, Վոսփորի վրայ։
երկրորդ բանաստեղծութիւն;
Կարպիս Ճանճիկեան/Ոտքերս
արտասանեց; Եղիա Աքկիւն
ՈՏՔԵՐՍ
...եւ օր մը վերջապէս
ձեզ հանեցին խանձարուրէն
հագուեցուցին գուլպայ
առաջին սովրած բաներնիդ
եղաւ տատիս առնել
յետոյ քալել վազել...
դուք զիս տարիք դպրոց
ճերմակ նուրբ գուլպաներ
եւ լուսթրին կօշիկներ ունէիք
յետոյ տարիներ անցան
մեծցանք
բախտի ձախորդ հարուածներէ հալածական
կանգ առիք դուք
մերթ ընդ մերթ
մեծ գործարաններու
դպրոցներու
պանդոկներու դուռներուն առջեւ
ալ դուք ճանչցաք
տեսակը կօշիկին
լասթիկ չիզմէներէն մինչեւ եէմէնի
մինչեւ իսկ դուք
բոպիկ կոխեցիք ձիւնին
աստուած հեռու ընէ ասանկ օրեր
ձեզմէ եւ ուրիշներէ
դուք զիս տարիք
քաղաքին գինետունները եւ գռիհներ
յոգնեցաք քրտնեցաք
հիմա կը լուամ կը չորցնեմ
ու կ՛երկարեմ ձեզ անկողնիս մէջ
օթօպիւս կամ հանրակառք
չմտնելուս մի տխրիք
խնդիրը դրամին վրայ չէ
քաղաքը ունի գեղեցիկ վայրեր
ծառեր ծաղիկներ
եւ աղջիկները առատ պարտէզներ
եզերքին հսկայ շէնքեր
եւ փայլուն ցուցափեղկեր
աչք է սա
կ՛ուզէ տեսնել բոլորը բոլորը
ու չի յագենար
դուք ալ կը քաշէք
անոնց հաճոյքին առթած ցաւերը